Սուրիական տագնապին առաջին օրէն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութինը պետական ամենաբարձր մակարդակով սուրիահայութինը «Մայր Գաղութ» հռչակեցին: Եւ, որպէս այդպիսին, խոստացան այդ գաղութը կանգուն պահելու աշխատանք չխնայել: «Մայր Գաղութ»ը պահպանելու մտահոգութիւն եւ նախանձախնդրութիւն յայտնեցին նաեւ մեր եկեղեցական եւ ազգային կառոյցները: Գնահատելի բազմաթիւ աշխատանքներ եղան: Սակայն, անհասկնալի է վերջին օրերու համատարած լռութիւնը: Գրեթէ մէկ շաբաթէ Հալէպահայ գաղութը կը գտնուի լուրջ վտանգի դիմաց: Զինեալները բաւական մօտեցած են հայաբնակ շրջաններու սահմաններուն:
Հալէպահայերը տագնապով կ՛արձագանգեն այս իրավիճակին: Բայց, արձագանգը աւելի լայնածաւալ պէտք է ըլլար: Ինչո՞ւ լուռ են Հայաստանի ներկայացուցիչները: